RedStrong Red (default) BlueCalm Blue GreenFresh Green

Chose your color scheme.

ՀՀ նախագահը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի պատվիրակութան հետ

Posted on February 19, 2000, by , under Լուրեր.

143341ԵՐԵՒԱՆ, 19 Փետրուար 2000 (ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան).- Այսօր, կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեանին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բիւրոյի անդամներ Ալպերթ Աճէմեան, Վահան Յովհաննիսեան եւ Վիգէն Ս. Յովսէփեան:

Հանդիպումը տեւեց աւելի քան մէկուկէս ժամ եւ անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Բիւրոյի նորընտիր կազմի անդամներու ներկայացումէն ետք, ընկ. Մարգարեան յայտնեց, թէ նորընտիր Բիւրոն իր առաջին քաղաքական հանդիպումը որոշած է ունենալ Հայաստանի Հանրպետութեան նախագահին հետ:

Այնուհետեւ, անկեղծ քննարկումի առարկայ դարձան Արցախի հարցի բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրի ներքաղաքական վիճակն ու անոր հաւանական հետագայ զարգացումները :

Հանդիպումի աւարտին փափաք յայտնուեցաւ քանի մը շաբաթ ետք դարձեալ հանդիպիլ:

Հանդիպումէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները, Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներուն հետ, այցելեցին Մարզահամերգային համալիր, ուր երկու օրէ ի վեր զետեղուած է Զօրավար Անդրանիկի աճիւնը:

Leave a Comment